2014-03-28 12:08:49

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ ''Ապաշխարութեան արարողութիւնը''.


Ուրբաթ, 28 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը, Վատիկանի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ մասնակցեցաւ քառասնորդացի երրորդ քարոզութեան զոր կատարեց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Հայր Ռանիէրօ Քանդալամեսսան ունենալով որպէս նիւթ` ''Հսկաներու ուսերուն վրայ. Մեր հաւատքի հարազատ ճշմարտութիւնները, Լատին Եկեղեցւոյ Հայրերու հետ միասին''։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Լիմպուրկի երբեմնի Եպսիկոպոս` գերապայծառ Ֆրանզ Փիդէր Թեպարդզվանէլսթը որմէ ետք ընդունեց Յունաստանի Նախագահ` Տիար Քարոլոս Բաբուիասին։ Յայտնենք որ Յունաստանի նախագահը առաջին անգամ այցելած էր Վատիկանը իր ընտրութենէն մէկ տարի ետք` 2006-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի օրով։ Յունաստանի մէջ կ՛ապրի 200 հազար հոգինոց կաթողիկէ հասարակութիւն մը։
Յունաստանի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց` Մատակասկարի եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Քահանայապետը ապա ընդունեց ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարումի դասընթացքի մասնակցողները, իսկ յետմիջօրէի ժամը 17,00-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճառին մէջ կը գլխաւորէ ապաշխարութեան կարգը` սկիզբ տալով ''24 ժամ Տիրոջ համար'' նախաձեռնութեան որ կազմակերպուած է նոր աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ։ Արարողութեան ընթացքին նախատեսուած են խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարումը։
Այս առթիւ Հռոմի երեք եկեղեցիներ, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ բաց պիտի մնան, կարելիութիւն տալով հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն խոստովանանքի խորհուրդին մօտենալու։ ''24 ժամ Տիրոջ համար'' նախաձեռնութիւնը վերջ կը գտնէ շաբաթ 29 մարտին յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Հռոմի ''Santo Spirito in Sassia'' Աստուածային ողորմութեան նուիրուած պազիլիքային մէջ, նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլայի գլխաւորած երեկոյեան ժամասացութեամբ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.